2014-09-19 08:38:10

''Աստուծոյ ողորմութիւնը'' բնաբանով` կիրակի 21 սեպտեմբեր 2014-ին կը նշուի Կրօնուսոյցի օրը ԱՄՆի մէջ։


ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը Կրօնուսոյցի օրուան առթիւ, որ ամէն տարի կը զուգադիպի սեպտեմբեր ամսոյն երրորդ կիրակի օրը, այս տարուան համար ընտրած է խորհրդածութեան հետեւեալ նիւթը. ''Ուսուցանել Տիրոջ ողորմութեան պարգեւը''։ Աստուած պատրաստ է միշտ ներելու, այդ պատճառաւ ամէնքս կանչուած ենք վստահութեամբ դիմել Աստուծոյ, Ինք որ համակ սէր եւ գթութիւն է ։
Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախաբար կը յիշեցնէ ու յարատեւ կը խօսի Աստուծոյ համակ սիրոյ ու գթութեան մասին, միշտ կրկնելով. ''Աստուած չի յոգնիր ներելու մեզի'' ։







All the contents on this site are copyrighted ©.